2016-04-29 09:30:00

Եւրոխորհուրդի նախագահը քննադատեց Թուրքիան` լրագրողներու աշխատանքը խոչընդոտելուն համար


«Էրմենիհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կողմէ օտար շարք մը լրագրողներ սեւ ցուցակի վրայ ներառելու եւ Թուրքիոյ մէջ անոնց աշխատանքը խոչընդոտելու փաստը քննադատութեան ենթարկուած է միջազգային ընտանիքին կողմէ:

«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ այդ գործելաոճը քննադատութեան ենթարկուած է Եւրոպական խորհրդարանի նախագահին, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ շարք մը այլ կառոյցներու կողմէ:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Մարթին Շուլց, գերմանական «Պիլտ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին Թուրքիան յորդորած է ձերբազատելու այդ ցուցակէն` նշելով, որ անիկա կը հակասէ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն:

Այդ հարցին անդրադարձած է նաեւ Գերմանիոյ իշխող Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Քարլ Կէորկ Վելման: «Եթէ այդպիսի ցուցակ կայ, ապա ատիկա պէտք է անյապաղ հրապարակուի», շեշտած է երեսփոխանը:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը իր կարգին նշած է, որ Գերմանիոյ դաշնակցային կառավարութիւնը Թուրքիայէն կ՛ակնկալէ Թուրքիոյ մէջ գերմանացի լրագրողներու աշխատանքը չխոչընդոտել:

Թրքական աղբիւրը կը նշէ, որ «Պիլտ»-ի թղթակիցին եւս, որուն անունը հաւանաբար ներառուած է այդ ցուցակին մէջ, նախորդ շաբաթ չեն արտօնած մուտք գործել Պոլիս:

Յիշեցնենք, որ նախապէս գերմանական «Էյ.Առ.Տի.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողին չեն արտօնած երթալ Պոլիս: Լրագրողը կը պատրաստուէր վաւերագրական ժապաւէն պատրաստելու սուրիացի տեղահանուածներուն մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.